Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ըսած է, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը կազմակերպելու հարցով պիտի դիմէր Թուրքիոյ: Անոր խօսքով՝ «Իսթանպուլը շատ լաւ վայր է»։
«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին, եթէ ինծի հարցնէք, ես նորէն կը դիմէի մեր թուրք ընկերներուն: Իսթանպուլը մէջ շատ լաւ է»,- ըսած է Լաւրով Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին։
Մայիս 16-ին Իսթանպուլի մէջ ուղիղ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու միջեւ։