image

Ամերիկան կը գտնուի վտանգաւոր վիճակի մէջ. Handelsblatt

Ամերիկան կը գտնուի վտանգաւոր վիճակի մէջ. Handelsblatt

Գերմանական Handelsblatt հրատարակութեան հետ զրոյցին, Պերլինի՝ Կումպոլթտի անուան համալսարանի քաղաքագէտ Հերֆրիտ Միւնքլըրը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ այժմ կ'ընթանայ սահմանադրական ճգնաժամի ճանապարհով, իսկ օրերս տեղի ունեցած ընտրութիւնները ընդամէնը երկիրը ալ աւելի պառակտած են:

«ԱՄՆ-ի հիմնադիր հայրերը միշտ խօսած են հանրապետութեան, այլ ոչ թէ ժողովրդավարութեան մասին: Ամերիկայի մէջ գործ ունինք ազնուապետական տարրերէ բաղկացած եւ հանրային մասնակցութեամբ կարգերու հետ: Ընտրողներու խորհուրդի գաղափարը այժմ ամբողջովին հինցած կը թուի»,-նշած է Միւնքլըրը:

Պատասխանելով  հարցին, թէ ինչու նախագահ Թրամբի օգտին այդքան շատ մարդ քուէարկած է, քաղաքագէտը նշած է, որ այդ կը խօսի այն մասին, որ ԱՄՆ-ի մէջ իրենց դիրքորոշումը փոխող ընտրողներու թիւը աւելի քիչ է, քան շատեր կը կարծէին:

«Աւելի շատ գործ ունինք կայացած քաղաքական ճամբարներու հետ, որոնք իրենք իրենց սեփական պատմութիւններով կը կայունացնեն: Այնտեղ Թրամբը կը համարեն հերոս, որ փտացած համակարգի դէմ հանդէս կու գայ: Նախագահն ալ իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ստեղծած է քաղաքական հակառակորդներու թշնամական կերպար, ինչ որ յանգեցուցած է բեւեռացման: Օրինակ՝ իր հակառակորդ Ճօ Պայտընին ան որպէս ընկերվարական պիտակաւորած է: ԱՄՆ յայտնուած է իրավիճակի մը մէջ, որմէ անոր հիմնադիր հայրերը կը ցանկային խուսափիլ. այդ քաղաքական քաղաքացիական պատերազմի մշտական վիճակն է»- պարզաբանած է Միւնքլըր:

Նշուած է, որ շատեր յուսացած են, որ ընտրութիւնները «կը բուժեն» երկրի պառակտուածութիւնը եւ «խաղադրոյք կատարած են » Ճօ Պայտընի վրայ, սակայն, քաղաքագէտի համազումով, քուէարկութենէն ետք, ով որ ալ նախագահ ընտրուի, իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ:

Միւնքլըրի կանխատեսմամբ՝ ընտրութիւններու արդիւնքներու շուրջ վէճը ԱՄՆ-ի մէջ դեռ երկար կը շարունակուի: Եթէ ամէն բան բարեյաջող ընթացք ունենայ, ապա գործը Գերագոյն դատարան կը հասնի: Եթէ ոչ՝ վէճը կրնայ փողոցներուն վրայ՝ ուժի կիրառմամբ լուծուիլ:

Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու կազդուրման համար երկար ժամանակ անհրաժեշտ է: ԱՄՆ-ի հիմնադիր-հայրերը դեռ այն ժամանակ զգուշացուցած էին, որ եթէ երկու ճամբար ուղղակիօրէն հակառակին զիրար, ապա երկրի «փլուզում» կրնայ տեղի ունենալ: