image

Աշխարհի ամենանեղ փողոցը կը գտնուի Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ

Աշխարհի ամենանեղ փողոցը կը գտնուի Թուրքիոյ Պուրսա նահանգին մէջ

Աշխարհի ամենանեղ փողոցներէն մէկը կը գտնուի Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Ճումալըքըզըք գիւղի մէջ։ Փողոցի լայնութիւնը ընդամէնը 60-70 սանթիմեթր է եւ հոնկէ կրնայ անցնիլ միայն մէկ հոգի։

Այս մասին կը գրէ «Նոր Մարարա»ն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս իւրայատուկ վայրը ներկայիս զբօսաշրջիկներու եւ լուսանկարիչներու սիրելի կանգառներէն մէկը հանդիսանայ։ Փողոցը կը կոչուի «Ճինարալըղը»։

Այս անուան հետ կապուած առասպել մը կը պատմուի գիւղին մէջ։ Կ'ըսեն որ «Անկախութեան պատերազմ»ի տարիներուն յունական զօրքերը գիւղացիները հաւաքած էին մզկիթի մէջ, որպէսզի ողջ-ողջ հրկիզէին զանոնք, սակայն մարդիկ կրցան փախչիլ այս նեղ փողոցէն ու հասնիլ թրքական զօրքերու դիրքերը։ Երբ յոյներ հասան նրբանցքի մուտքին, կարծեցին թէ անիկա փակուղի է եւ «չարքերու գործ»։ Այդ խօսքերէն ետք փողոցը անուանուեցաւ «Ճինարալըղը», որ թարգմանաբար կը նշանակէ «չարքերու նրբանցք»։