ՀՀ Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը կը տեղեկացնէ, որ Երեւան քաղաքի Աբովեան 22 հասցէի վրայ գործող «Վիլլերոյ & Բոխ» խանութ-սրահը վաճառքի հանած եւ վաճառած է երեխաներու համար նախատեսուած վտանգաւոր բաժակներ։ Խօսքը կը վերաբերի «Քաղցած արջի պէս», «Ուրախ արջի պէս», «Մռնչայ առիւծի պես» եւ «Քալէ փիղի պէս» անուանումներով հաւաքածուներուն։
Բաժակներու ապակին կրնայ կտրուիլ, եթէ ներսէն ճնշում գործադրուի, որ կրնայ յանգեցնել վնասուածքներու։ Որակի շեղման պատճառը կապուած է չմշակուած ապակիի ձուլման գործընթացի հետ։
ՀՀ Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը յորդորած է բոլոր սպառողները, որոնք ձեռք բերած են նշուած ապրանքները, կապ հաստատել Տեսչական մարմնի հետ, վերադարձնել բաժակները՝ ստանալով ապրանքի համար վճարուած գումարը։