image

Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետը պիտի չընդունի Աթէշեանը. Սարգիս Հացպանեան

Ամենայն Հայոց  վեհափառ  հայրապետը  պիտի չընդունի  Աթէշեանը. Սարգիս Հացպանեան

«Արամ Աթէշեանը պէտք է ծունկի գայ եւ ներողութիւն խնդրէ ամբողջ հայ ազգէն, Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի իր ուղղած նամակին մէջ՝ սրբապղծութիւն կատարած ըլլալուն համար»,-«Արեւելք»ին ըսաւ հասարակական գործիչ Սարգիս Հացպանեան: Հացպանեանի կարծիքով «անոր մտած ու սրբապղծած տաճարը պէտք է վերաօծուի»:

Հացպանեան նաեւ ըսաւ, որ իրենց Արամ սրբ. Աթէշեանի դէմ («Պահանջում ենք պատժել  սրբապիղծ Աթէշեան»ին դիմատետրի խումբ) կազմակերպած այսօր տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսը պիտի շօշափէ գլխաւոր երեք հարցեր եւ այդ մասին խօսելով ըսաւ. «Մենք կ′ընդունինք, թէ Արամ Աթէշեան կոչեցեալ անձնաւորութիւնը, որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը կը զբաղեցնէ՝ սրբապիղծ է: Ան սրբապղծութիւն կատարած է ամբողջ հայ ազգի հանդէպ, որովհետեւ ոտնահարած է բոլոր հայութեան սրբութեան սրբոց՝ 1915-ի Մեծ Եղեռնի 1.5 միլիոնէն աւելի անմեղ զոհերու յիշատակը, որոնց Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին սրբադասեց՝ 2015-ի ապրիլին»,- ըսաւ ան ակնարկելով, Գերմանիոյ Պունտէսթակի կողմէ հայանպաստ      բանաձեւի ընդունումէն ետք Աթէշեանի կողմէ Թուրքիոյ  նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին  «զօրակցական» նամակ մը   յղած ըլլալու փաստին. «Հայոց Ցեղասպանութեան այս բանաձեւի ընդունումէն յետոյ սրբապղծութիւնը կատարեց ան՝ հաճոյանալու համար թուրքերուն, Թուրքիոյ հանրապետութեան, վարչակարգին եւ իշխանութիւններուն, Անգարային: Այս մէկը աններելի է»,- ըսաւ Հացպանեան, մէջբերելով Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի գրականութեան բաժնի տնօրէն՝ Վարդան Դեւրիկեանի արտայայտութիւնը, որ եթէ յանկարծ Արամ Աթէշեանը մտնէ Մայր Տաճար՝ Ս. Էջմիածին, ապա այդ տաճարը պէտք է վերաօծուի: «Երկրորդ խնդիրը, որ պիտի ներկայացնենք անոր Հայաստանի Հանրապետութեան կացութեան յատուկ կարգավիճակի 10 տարուան փաստաթուղթն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շնորհէ՝ ծագումով հայերուն: Երկրագունդի վրայ չկայ ծագումով հայ որեւէ անձ, որ ՀՀ-ի տուած փաստաթուղթին մէջ, իր իսկական քաղաքացին հանդիսացած երկրի անձնագրին մէջ նշուած անունէն տարբեր անուն-ազգանուն մը ունենայ»,- ըսաւ Հացպանեան, բացայայտելով, որ «Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդըի թրքական հանրապետութեան անձնագրին մէջ անունը ՝ Արթին Աթէշ է: (Արամը՝ իր հոգեւոր անունն է), ան ծնած է՝ Սիլվան, Տիգրանակերտ, իսկ հայկական պատկան մարմիններու «ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրերի եւ վիզայի ՀՀ վարչութեան» տրամադրած յատուկ կարգավիճակին մէջ՝ Արամ Աթէշեան», պնդելով, որ նոյն անձը, բոլոր նոյնանման տուեալներով չի կրնար 2 տարբեր անուններով անձնագիր ունենալ: Անոր կարծիքով այս մէկը ոչ միայն միակողմանի, այլ յստակ օրինախախտում է, որուն մասին Հայաստանի պատկան մարմիններն ալ պէտք է բացատրութիւն տան:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը, յիշեցնելով Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի վերջին Գերագոյն խորհուրդի նիստին գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեանի ելոյթը Ա. Աթէշեանի կեցուածքի մասին, թէ ան հարիր չէ հայ եկեղեցականին, եւ պահանջը՝ որ այս հարցը յաջորդ նիստին օրակարգ մտնէ եւ քննարկման ենթարկուի, յայտնեց իր զարմանքը, թէ այդ յաջորդ նիստին «ոչ միայն թուականը փոխուեցաւ, այլ վայրն ալ: Նիւ Եորքի մէջ աննախադէպ իրավիճակ մը տեղի ունեցաւ: Աթէշեանի հարցը օրակարգէն հանուեցաւ Գերագոյն խորհուրդի ժողովին կողմէ: Տարօրինակ էր նաեւ անոր հրաւիրուիլը կաթողիկոսին կողմէ: Ան մասնակցեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, երբ պէտք էր զինք իբր ամբաստանեալ քննարկել, ան դարձաւ մասնակից: Հարցերու քննարկման մասնակցեցաւ, քուէարկեց, եկեղեցւոյ մէջ աղօթեց, հայ հոգեւորականի սքեմը հագաւ, նոյնիսկ ՀԲԸՄ-ի ժողովին մասնակցեցաւ կաթողիկոսին կողքը նստած»,-յայտնեց Հացպանեան, նշելով, որ սա ալ մամլոյ ասուլիսին քննարկելիք երրորդ հարցն է:

Ան այս բոլոր օրինազանցումներու դէմ բողոքելով, նշեց, որ «Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը, Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները եւ ինչու չէ նաեւ Ա. Աթէշեանը այս հարցերուն շատ յստակ պատասխան պէտք է ունենան»:

Հացպանեան «Արեւելք»ի հետ զրոյցին նաեւ այլ մտահոգութիւն մը յայտնեց, թէ այս օրերուն երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը գտնուի Նիւ Եորք եւ անոր վերադարձի թուականը անյայտ է, ո՞վ թոյլատրած է Աթէշեանի մուտքը սրբավայր: Ան դիտել տուաւ, թէ այժմ ՀՀ վարչական տարածքին մէջ գտնուող եւ եկեղեցին ներկայացնող միակ պաշտօնեան Տ.Յովնան սրբազանն է, որուն հետ կապուիլը գրեթէ անհնար է: «Եթէ կաթողիկոսը այստեղ չէ, ապա Ա. Աթէշեանը որո՞ւն հետ պիտի հանդիպի»,- հարցադրեց Հացպանեան:

Խօսելով սրբազան Աթէշեանի դէմ շարժումի յաջորդ քայլերուն մասին, ան պարզեց, որ այն կախեալ է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի որդեգելիք կեցուածքէն, նշելով, որ եթէ Մայր Աթոռը անտարբեր գտնուի, ապա, հաստատ  տասնեակ հազարներով հաւատացեալ հօտը դէմ պիտի ըլլայ Մայր Աթոռի այդ քաղաքականութեան եւ դատապարտէ զայն, որովհետեւ «ոչ մէկ հայ հաւատացեալ բարեպաշտ մարդ երբեք չ′արտօնէր, որ իր նախնիներու յիշատակը սրբապղծուի»,-եզրափակեց Հացպանեան:

Նշենք, որ «Պահանջում ենք պատժել  սրբապիղծ Աթէշեան»ին  դիմատետրի խումբի կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը տեղի կ′ունենայ այսօր առաւօտեան ժամը 11:00-ին, որուն կարելի է առցանց հետեւիլ: