image

Թրամփ հաստատած է Կազայի հատուածը վերահսկողութեան տակ վերցնելու եւ վերակառուցելու գաղափարը

Թրամփ հաստատած է Կազայի հատուածը վերահսկողութեան տակ վերցնելու եւ վերակառուցելու գաղափարը

Միացեալ Նահանգները կրնայ ձեռք բերել Կազայի հատուածը, վերահսկողութիւն հաստատել ատոր նկատմամբ եւ այնուհետեւ վերականգնել այն արաբական երկիրներու օգնութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հերթական անգամ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին։

«Ես յանձնառու եմ Կազայի հատուածը գնելու եւ ատոր տիրելու գաղափարին: Ինչ կը վերաբերի մեր ուժերով ատոր վերականգնման, ապա մենք կրնանք Մերձաւոր Արեւելքի միւս երկիրներուն յանձնել Կազայի որոշ մասերու վերակառուցումը։ Ուրիշները այդ կրնան ընել մեր հովանու ներքոյ», - մէջբերած է Թրամփի խօսքերը The Associated Press գործակալութիւնը:

Նախագահն ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն «պէտք է վերցնէ եւ տիրէ Կազայի վրայ» եւ ընէ այնպէս, որ ​​«Համաս» արմատական շարժումը «չվերադառնայ այնտեղ»։

Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցիներու՝ անկլաւին մէջ ապրելու հեռանկարին, Թրամփ կը համարէ, որ այդ անհնար է։

«Այնտեղ վերադառնալ հնարաւոր չէ։ Այդ վայրն աւերակ է։ Մնացած հատուածը պիտի քանդուի», -ըսած է ան։

ԱՄՆ ղեկավարն առաջ քաշած է հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ Կազայէն հարկադրական վերաբնակեցման գաղափարը։ Ան նշած է, որ իր հետ զրոյցէն ետք արաբական երկիրները պիտի համաձայնին ընդունիլ պաղեստինցիները։ Թրամփի համոզմամբ՝ պաղեստինցիները պիտի հեռանան Կազայէն, եթէ այլընտրանք ունենան։