Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան կը գրէ՝
Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտուն վախճանեցաւ հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ զաւակ, Պեքայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ, եւ շատերու բարեկամ ու սիրելի Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան`զոհը դառնալով անողորմ ոճիրի մը:
Ինչ յուզիչ էր տեսնել, թաղման օրը հարիւրաւոր հայորդիներ իր դագաղին շուրջ, արցունքով եւ ափսոսանքով շրջապատած էին իրենց զաւակը, եղբայրը, հոգեւոր հովիւը եւ ընկերը: Բոլորն ալ որբացած՝ նոյն ցաւով եւ կորուստով:
Անցեալ ամառ Այնճարի մէջ, ես պատիւը ունեցայ Զինք մօտէն ճանչնալու, երբ եկեղեցական արարողութիւններով եւ աշխատանքային տարբեր հանդիպումներով միասին եղանք: Պերճախօս քարոզիչ, հմուտ եկեղեցական, վարչական կարողութիւններով օժտուած, ծառայասէր եւ խանդավառ Հայր Անանիան հաւատարիմ յանձնառութեամբ ծառայեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին:
Մահը շատ դառն է, բայց աւելի դառն է, երբ անժամանակ է ու անսպասելի:
Կ՝աղօթեմ առ Աստուած, որ հոգելոյս Հայր Սուրբին հոգին իր երկնային լոյս խորաններուն մէջ հանգչեցնէ եւ բոլոր սգակիր հարազատներուն եւ ծխականներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: