Լիբանանահայ համայնքային գործիչ, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեան կը գրէ՝
Սարգիս Նաճարեանի մահը մեծ կորուստ էր ոչ միայն իր ընտանիքին եւ ընկերներուն համար, այլ նաեւ համայնքին ու ազգին, ուր ան մեծ ներդրում ունեցաւ: Իր նուիրուածութիւնը եւ անխոնջ աշխատանքը միշտ կը մնան մեր յիշողութեան մէջ: Ան իր գործունէութեամբ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ եւ անոր ներդրումը եղաւ յոյժ գնահատելի:
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2025-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան:
Վերջին հրաժեշտին ներկայ էին Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Արք. Խազումեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջին Ատեանի Նախագահ` Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Մուրատեան, Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը (վարդապետներ, քահանաներ, մայրապետներ), Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Ճարտարապետ Վանիկ Տագէսեան, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տքթ. Աւետիս Տագէսեան, Լիբանանի Խմբագիրներու Սենտիքայի նախագահ Ժոզէֆ Քուսայֆի, Լիբանանահայ թերթերու, պարբերաթերթերու եւ կայքէջերու խմբագիրները, ընտանեկան պարագաները, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէնները, միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բարեկամներու եւ ծանօթներու հոծ բազմութիւն մը:
Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Գրիգոր Պատիշահ ուղղեց դամբանական խօսքը: Ան ներկայացուց Նաճարեանի ամփոփ կենսագրականը, վեր առաւ անոր կեանքի բեղուն ու անվերապահ գործունէութիւնը ի սպաս համայնքին եւ ազգին: Պատիշահ եպիսկոպոսը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ եւ յիշեց Սարգիս Նաճարեանի իրեն հանդէպ ունեցած վաստակը: Աւարտին յայտնեց, որ անոր ընտանիքը հանգուցեալին վսեմ կտակին ժառանգորդն է:
Խորանը յորդ էր ծաղկեպսակներով, որոնք կը խորհրդանշէին անոր կեանքի գեղեցկութիւնն ու հոգիին ազնուութիւնը: Ամէն ծաղիկ կը պատմէր անոր կատարած բարեգործութիւններուն եւ ճամբայ կը հարթէր դէպի երկնաւոր խաղաղ ու լուսաւոր յաւիտենական կեանք:
Ս. Մեսրոպի արիներու սկաուտախումբի պատուի կացով եւ Հ.Կ.Մ. Զալքայի Պատանեկան Միութեան Շեփորախումբի մահերգի նուագակցութեամբ Սարգիս Նաճարեանի դագաղը ուսամբարձ դուրս եկաւ եկեղեցիէն՝ սրտերուն մէջ պահելով անոր ժառանգութիւնը:
Անոր անունը միշտ պիտի յիշուի մեծ յարգանքով եւ ջերմ սիրով: