Երիտասարդներու բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրն այս տարի պիտի նշուի փետրուար 15-ին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է qahana.am–ը։
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետի տնօրինութեամբ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր:
Այս տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծեսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ մեր մօտ նուիրական աւանդութիւն է: Սուրբ Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՚ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կը դիմեն սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած:
Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներն աղի բլիթ կ՚ուտեն, որու հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնացուի երազայայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամբին եւ սպասել զօրավարի ձիու պայտի հետքին:
Ըստ աւանդոյթի`սուրբ Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգէ մաքրութիւն, անաղարտութիւն խորհրդանշող իր սպիտակ ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կիրականանայ տուեալ հաւատացեալի երազանքը:
Երիտասարդները տօնի առթիւ իրար բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն: Տօնի օրը զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի սուրբ պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: