Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ արդէն հեռախօսազրոյց ունեցած է իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ: Անոր խօսքը մէջբերած Է New York Post-ը։
Հարցին, թէ որքան շփուած են Փութինն ու Թրամփը, Միացեալ Նահանգներու նախագահը հրաժարած է պատասխանել: «Ես աւելի լաւ է լռեմ»,- ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը. միաժամանակ նշած. «Ես կ՚ակնկալեմ, որ դեռ շատ խօսակցութիւններ պիտի ըլլան: Մենք պէտք է հասնինք անոր, որ այդ պատերազմն աւարտի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն առաջընթաց գրանցած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ, սակայն հրաժարած է յայտնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ շփման մանրամասնութիւնները:
Ան նաեւ ըսած է, որ Ուաշինկթընը կապ կը պահպանէ Քիեւի հետ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրկին խոստացած է աւարտել պատերազմը, բայց չէ մանրամասնած, թէ ինչպէս կը պատրաստուի ընել այդ:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը հրաժարած է հաստատել կամ հերքել երկու նախագահի շփման փաստը՝ պատճառաբանելով, որ Ուաշինկթընի վարչակազմի հետ աշխատանքի ընթացքին կ՚առաջանան բազմաթիւ տարբեր շփումներ, եւ այդ հաղորդակցութիւնը կ՚իրականացուի տարբեր ուղիներով, որուն ինքը կրնայ տեղեակ չըլլալ։