image
Հրատապ լուրեր:

Շարժայի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան նիստին

Շարժայի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան նիստին

Օրերս Շարժայի մէջ տեղի ունեցած է Արաբական Ծոցի երկիրներու եկեղեցական խորհուրդի ամէնամեայ նիստը։

 Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ Շրջակայից երկիրներու Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։

Տեղին է նշել, որ վարչական բարձր կարողութիւններու տէր հանդիսացող Սրբազան Հայրը  բարձրագոյն մակարդակի յարաբերութիւններ կը վարէ շրջանի ոչ միայն Քրիստոնեայ այլ նաեւ Իսլամական մարմիններուն հետ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք այդ առթիւ Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Սրբազան Հայրը Կը Մասնակցի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Ժողովին

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Երկուշաբթի 20 Յունուար 2025-ին, Շարժայի Սանթ Մարթըն Անգլիական եկեղեցիէն ներս կը մասնակցի 2011 թուականէն ի վեր շրջանէն ներս գործող Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդին տարեկան ընդհանուր ժողովին, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

Խորհուրդի հիմնական գործունէութիւնը կը կեդրոնանայ ծոցի տարածաշրջանէն ներս գործող քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ միջ եկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման եւ համերաշխ փոխ յարաբերութեանց շուրջ:

Այս տարուայ օրակարգի հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700 ամեակը եւ եկեղեցիներուն ու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւուած մարտահրաւէրները ու դժուարութիւնները տարածաշրջանէն ներս:

Նշենք թէ Սրբազան Հայրը Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ նախապէս Սրբազան Հայրը ատենապետը եղած է նշեալ խորհուրդին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի