Ամերիկացի միլիառատէր գործարար Իլոն Մասքը կոչ ըրած է փակելու «Ազատութիւն» ռատիոկայանը եւ «Ամերիկայի ձայնը»: Նման բովանդակութեամբ գրառումը ան հրապարակած է X-ի իր էջին։
«Այո, փակեցէք ատոնք։ Եւրոպան այժմ ազատ է։ Անոնց այլեւս ոչ ոք կը լսէ, անոնք պարզապէս արմատական ձախակողմեան խելագարներ են, որոնք կը խօսին իրենք իրենց հետ»,-գրած է ան։
Գործարարն այսպէս արձագանգած է օգտատէրերէն մէկու գրառման, որ մէջբերած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Ռիչարտ Կրենելի խօսքերն այն մասին, որ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռատիոկայանը եւ «Ամերիկայի ձայն»ը ամերիկեան հարկատուներու կողմէ վճարուող լրատուամիջոցներ են, որոնք դարձած են անցեալի մասունք:
Մասքը աւելցուցած է, որ այդ լրատուամիջոցները տարեկան միլիառ տոլար «կ՚այրեն ամերիկացի հարկատուներու գրպանէն»։