Իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր հարուածներ հասցուցած են Լիբանանի հարաւային, ինչպէս նաեւ լիբանանասուրիական սահմանին գտնուող Պեքաայի եւ Հըրմելի շրջաններուն: Յարձակումներու հետեւանքով Լիբանանի արեւելքի մէջ գտնուող Պեքաայի հովիտին մէջ մէկ ընտանիքէ 4 մարդ վիրաւորուած է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Al Mayadeen» լրատուական ալիքը։
Իսրայէլեան օդուժը շարք մը յարձակումներով նաեւ թիրախաւորած է հարաւային Լիբանանի Ազզա եւ Ռումին քաղաքներու միջեւ ինկած բաց տարածքը, Ճապուրի բարձունքները։
Շարունակելով իսրայէլեան կողմէ Լիբանանի մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտումները`իսրայէլեան օդանաւերը թիրախաւորած են «Հըզպալլա»-ի ենթադրեալ կրակակէտերը, ստորգետնեայ ապաստարանները եւ պահեստները։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ Հըրմելի հիւսիսային շրջանին մէջ հարուած հասցուած է նաեւ շիա ստորաբաժանումներու ճամբարին, սակայն հետեւանքներու մասին տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած։