image
Հրատապ լուրեր:

Ամբողջ հայութիւնն այսօր վտանգուած է. Զօր. Մովսէս Յակոբեան

Ամբողջ հայութիւնն այսօր վտանգուած է. Զօր. Մովսէս Յակոբեան

 

Բանակը հզօրացնելու համար պէտք է իրավիճակը ճիշդ գնահատել։ Այս մասին ըսած է զօրավար Մովսէս Յակոբեանը։

Ան շնորհաւորած է Հայոց բանակի 29-րդ տարեդարձը. «Մաղթում եմ՝ այս կարգավիճակը, որն ունի մեր բանակը, շատ արագ կարողանայ դուրս գալ այդ կարգավիճակից։ Մեր բանակը պէտք է նորից վերադառնայ եւ յաղթական ուղի ունենայ։ Մենք բոլորս պէտք է աջակից լինենք մեր բանակի հզօրացմանը»։

Հարցին՝ ի՞նչ պէտք է ընել Հայոց բանակը հզօրացնելու համար, զօրավարն ըսած է. «Բանակը հզօրացնելու համար պէտք է իրավիճակը ճիշդ գնահատել։ Որեւէ ժամանակ չի խանգարում բանակը հզօրացնելուն։ Կարելի է հիմա էլ սկսել»։

Անդրադառնալով քաղաքացիներուն զէնք տրամադրելու յայտարարութիւններուն՝ Մովսէս Յակոբեանն ըսած է. «Որոշելու խնդիր է դա։ Ես դրան դէմ չեմ»։

Հարցին՝ արդեօք Հայաստանի սահմանները այսօր պաշտպանուա՞ծ են, զօրավարն ըսած է. «Վախենում եմ գնահատական տալ։ Ամբողջ հայութիւնն է այսօր վտանգուած, Արցախում, սփիւռքում էլ է վտանգուած։ Հայրենիք եթէ չունենան, իրենց անվտանգութիւնը վտանգուած է նաեւ սփիւռքում»։

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն