image

Ամբողջ Հայաստանով մէկ ձիւն կը տեղայ

Ամբողջ Հայաստանով մէկ ձիւն կը տեղայ

 

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ 30 յունուարին՝ ժամը 13։30-ի դրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ձիւն կը տեղայ:
 Սիսիան-Գորիս ճանապարհի՝ Հարժիսի խաչմերուկէն մինչեւ Տաթեւի խաչմերուկ հատուածը սաստիկ բուքի եւ տեսանելիութեան բացակայութեան պատճառով փակ է։
 Կոտայքի տարածաշրջանին մէջ (Չայնիի կոչուող հատուած) մառախուղ է, տեսանելիութիւնը՝ 50-70 մեթր։
 Սիսիանի «Զանգեր» կոչուող հատուածին մէջ սաստիկ բուք է, տեսանելիութիւնը՝ 20 մեթր։
 Վարդենիսի տարածաշրջանին եւ Տիգրանաշէնի ոլորաններուն՝ բուք է։
 Առատ ձիւնի պատճառով Դիլիջանի ոլորանները փակ են կցորդիչով փոխադրային միջոցներու համար։
 Սաստիկ բուքի պատճառով Արթիկ-Ալագեազ ճանապարհը դժուարանցանելի է։
 Վարդենեաց լեռնանցքը փակ է բոլոր տեսակի փոխադրային միջոցներու համար։
 Մեղրիի լեռնանցքը կցորդիչով փոխադրային միջոցներու համար երթեւեկելի է միայն անուաշղթաներու օգտագործմամբ։

Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան միւս ճանապարհները բաց են:

Ճանապարհաշինարարները ճանապարհներուն կը կատարեն մաքրման եւ աղով, աւազով մշակման աշխատանքներ:

Վթարներէն, պատահարներէն եւ խցանումներէն խուսափելու համար վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով: