Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, թէ խաղաղութեան պայմանագրի որ կէտերը չեն համաձայնեցուած Հայաստանի հետ։ Առաջինը կը վերաբերի միջազգային ատեաններուն մէջ փոխադարձ հայցերէն հրաժարելուն, երկրորդը՝ սահմանին այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայելուն։
«Խաղաղութեան պայմանագրի հարցով մենք իրականութեան մէջ մեծ առաջընթաց գրանցած ենք։ Այդ փաստաթուղթի 17 յօդուածներէն 15-ը համաձայնեցուած են, մնացած է 2-ը: Քազանի մէջ Հայաստանի վարչապետի հետ իմ վերջին հանդիպման ժամանակ այն, ինչ ես լսեցի եւ զգացի, այն էր, որ այդ երկու յօդուածները համաձայնեցուած չեն, բայց կրնան ընդունուիլ նաեւ Հայաստանի կողմէ»,- Russia Today-ի ընդհանուր տնօրէն Տմիթրի Քիսելեովին տուած հարցազրոյցին ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ, Ալիեւ նշած է, որ մինչ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը Հայաստանը պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը եւ համաձայնի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարման. «Սահմանադրութեան մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագրին, որ իր հերթին տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանի նկատմամբ, ուր նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը կը յայտարարուի Հայաստանի մաս։ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը մեր քմահաճոյքը չէ, այդ պարզապէս առարկայական պայման է»։
Ալիեւի կարծիքով՝ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ Հայաստանի միաժամանակեայ սպառազինումը անհամատեղելի են։ Ըստ անոր՝ Հայաստանը զինելու գործընթացը «կ՚ընթանայ եօթ մղոնանոց քայլերով». «Այն զէնքը, որ Մաքրոնի կառավարութիւնը կը մատակարարէ Հայաստանին, յարձակողական մահաբեր սպառազինութիւն է: Այն գործնական վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի համար»։
«Հակառակ որ Արեւմուտքի սպառազինութիւններու մեծ մասը Հայաստանը կը ստանայ անվճար կամ վարկով, բայց նոյնիսկ այդ պարագային անոնք մեզի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին չեն դիմանար։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի, 2023-ի սեպտեմբերի գործողութեան արդիւնքները պէտք չէ մոռացուին անոնց կողմէ։ Անոնք նաեւ պէտք է հասկնան, որ հակառակ Մաքրոնի ռեժիմի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեան, եթէ անոնք մեր դէմ հերթական սադրանք ծրագրեն, անոնց ոչ ոք պիտի օգնէ այստեղ գետնի վրայ»,-ըսած է ան։