image

Սիմոնեան Պոլսոյ մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Խորհրդարանի նախագահին հետ

Սիմոնեան Պոլսոյ մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Խորհրդարանի նախագահին հետ

Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովի շրջածիրէն ներս, Ապրիլ 17-ին, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահներու երկկողմ հանդիպումը։ Այս մասին կը հաղորդեն Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութենէն։

Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ արձանագրուած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջածիրէն ներս վերջին գործընթացները՝ ներառեալ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ առեւտրական կապերու հաստատումն ու ընդլայնումը։

Ընդգծուած է Միջխորհրդարանական միութեան դերը՝ որպէս միջխորհրդարանական համագործակցութեան կարեւոր հարթակ։ Այս ծիրին մէջ կողմերը բարձր գնահատած եւ երախտագիտութիւն յայտնած են Միջխորհրդարանական միութեան ընդհանուր քարտուղար Մարթին Չունկոնկին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ անոր անձնական ջանքերուն համար։

Խորհրդարաններու նախագահները դրական գնահատած են միջազգային կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս խորհրդարանական պատուիրակութիւններու միջեւ շփումները, որոնք սկսած են 2025 թուականի Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումէն ետք, եւ պայմանաւորուած են շարունակել այդ շփումները։

 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահները ընդգծած են կառուցողական խորհրդարանական երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը՝ երկու հասարակութիւններու միջեւ վստահութեան հետագայ ամրապնդման համար։