image
Հրատապ լուրեր:

Սիմոնեան Հնդկաստանի խորհրդարանի խօսնակի հետ քննարկած է հայ-հնդկական յարաբերութիւնները

Սիմոնեան Հնդկաստանի խորհրդարանի խօսնակի հետ քննարկած է հայ-հնդկական յարաբերութիւնները

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի խորհրդարանի Լոք Սապհայի խօսնակ Օմ Պիրլայի հետ:

Քննարկելով երկկողմ հետաքրքրութեան հարցերու լայն շրջանակ՝ կողմերն ընդգծած են հայ-հնդկական յարաբերութիւններու խորացող բնոյթն ու ատոր կարեւորութիւնը երկու երկիրներու համար:

Քննարկումներու առանցքը եղած են երկու երկիրներու խորհրդարանական համագործակցութեան եւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերու խորացման ու զարգացման միտուած քայլերու ձեռնարկման հարցերը:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վերաբերող հարցերուն: