image

«Պոլիսը իմ աչքերով». Բացուեցաւ Լեւոն Լաճիկեանի տպաւորիչ ցուցահանդէսը

«Պոլիսը իմ աչքերով». Բացուեցաւ Լեւոն Լաճիկեանի տպաւորիչ ցուցահանդէսը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է արուեստաբան եւ գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը իմ աչքերով» անհատական ցուցահանդէսի բացումը, որ կազմակերպուած է ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակի յոբելինական ձեռնարկներու շրջածիրէն ներս։ Ցուցադրութեան ներկայացուած են շուրջ յիսուն գծանկարներ, որոնք կը պատկերեն Պոլսոյ պատմական ու ժամանակակից դիմագիծը, իսկ բացման առիթով ներկայացուած է նաեւ արուեստագէտի «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» եռալեզու պատկերագիրքը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Երեւան. Նաիրա Մկրտչեան-Սիւզմէ.-

Քանի մը օրուան համար դարձեալ Երեւան կը գտնուիմ։ Ամէն վերադարձի հետ աւելի խորութեամբ կը զգամ այն անբացատրելի կապը, որ մարդը կը միացնէ իր ծննդավայրին։ Հազիւ ոտք դրած հայրենի հողին վրայ, կրկին կ'ապրիմ ջերմ ու անխառն զգացումը, որ միայն հայրենի երկիրը կրնայ պարգեւել։ Մայիսեան արեւով ողողուած Երեւանի փողոցները, ծանօթ դէմքերն ու քաղաքի շունչը կը յիշեցնեն թէ որքա՜ն զօրեղ է արմատներու կանչը։

Այս անգամ եւս, զգացումներով լեցուն, առիթն ունեցայ ներկայ գտնուելու մշակութային ձեռնարկի մը, որ Պոլիսն ու Երեւանը, յիշողութիւնն ու արուեստը, անցեալն ու ներկան կը միաւորէր նոյն յարկին տակ։

***

Հայաստանի նախաընտրական քարոզարշաւի եռուզեռին մէջ, մշակութային կեանքի հաճելի ու տպաւորիչ իրադարձութիւններէն մէկը տեղի ունեցաւ երէկ, 19 Մայիսին. Երեւանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնատեղիին մէջ բացուեցաւ գծանկարիչ, գրող եւ մշակոյթի գործիչ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը իմ աչքերով» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը։

ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը համախմբէր շուրջ յիսուն գծանկարներ, որոնց ընդմէջէն այցելուները կը շրջագայէին Պոլսոյ պատմական թաղամասերու, հայկական կոթողներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ քաղաքին ճարտարապետական հարուստ ժառանգութեան մէջ։ Սրահը լեցուն էր արուեստասէրներով, մշակութային գործիչներով ու մտաւորականներով, որոնց շարքին կային նաեւ Պոլիսէն եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն ժամանած հիւրեր։

Մասնակիցներուն միջեւ կային պոլսահայեր կամ նախկին պոլսահայեր՝ պատմաբան Սիրվարդ Մալխասեան, մատենագէտ Կարօ Աբրահամեան, լուսանկարիչ Վարդան Էշէնեան, ինչպէս նաեւ Ռոմանոս Ճէզվէճեան։ Պաշտօնական հանդիսութենէն քանի մը ժամ առաջ ցուցասրահ այցելած էր նաեւ երգչուհի Սիպիլ, որուն «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ» երգի հնչիւններով կը դիմաւորուէին բոլոր ժամանողները։

Բացման խօսքը արտասանեց Դանիէլ Երաժիշտը, որ բարձր գնահատեց Լաճիկեանի արուեստը՝ զայն բնորոշելով որպէս պատմական յիշողութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը գծանկարի լեզուով վերակենդանացնելու բացառիկ փորձ։

Ցուցահանդէսի ընթացքին Լեւոն Լաճիկեան ո՛չ միայն ներկայացուց իր աշխատանքներու ստեղծման պատմութիւնը, այլեւ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ՝ պատմելով այն բացայայտումներուն մասին, որոնց հասած է դէպի Պոլիս կատարած բազմաթիւ այցելութիւններու ընթացքին։

Ան նշեց, որ Պոլիսը իրեն համար աստիճանաբար վերածուած է բաց գիրքի մը, ուր իւրաքանչիւր փողոց, շէնք կամ յուշարձան կը պատմէ հայ ժողովուրդի ներկայութեան ու ստեղծագործ ոգիին մասին։ Իր ուսումնասիրութիւններու եւ շրջագայութիւններու ընթացքին բացայայտած է, թէ որքա՜ն խորունկ են հայերու հետքերը քաղաքին պատմութեան մէջ՝ սկսեալ Բիւզանդական շրջաններէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն եւ արդի Թուրքիա։

Խօսելով այդ ժառանգութեան մասին՝ Լաճիկեան յիշեցուց բիւզանդական հայազգի կայսրերու, պետական գործիչներու, մտաւորականներու եւ մշակոյթի գործիչներու դերակատարութիւնը, ապա անդրադարձաւ Օսմանեան շրջանին, ուր հայ ճարտարապետներ, բժիշկներ, տպագրիչներ, լրագրողներ, ուսուցիչներ եւ արուեստագէտներ մեծ մասնակցութիւն ունեցած են կայսրութեան մշակութային եւ հասարակական կեանքի զարգացման մէջ։

Յատուկ տեղ գրաւեցին հայ ճարտարապետական ժառանգութեան մասին իր անդրադարձները։ Ան խօսեցաւ Միմար Սինանի, ինչպէս նաեւ Պալեան ընտանիքի մասին, ընդգծելով, որ անոնց ստեղծագործութիւնը անջնջելի հետք ձգած է Պոլսոյ դիմագիծին վրայ։ Ըստ Լաճիկեանի, քաղաքի գեղեցկութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ է տեսնել նաեւ այն հայ վարպետներուն ձեռագիրը, որոնք դարեր շարունակ կերտած են անոր ճարտարապետական հարստութիւնը։

«Գրեթէ բոլոր գծանկարներուս մէջ հայկական հետք մը կայ»,– նշեց ան, աւելցնելով. «Նոյնիսկ երբ կը նկարեմ մզկիթ մը կամ օսմանեան մշակոյթի հետ կապուած կառոյց մը, անոր պատմութեան մէջ շատ յաճախ կը յայտնաբերեմ հայու մասնակցութիւնը, հայ վարպետի կամ հայ ճարտարապետի դրոշմը»։

Լաճիկեանի խօսակցութիւնը միայն պատմական անցեալին չէր նուիրուած։ Ան յուզումով անդրադարձաւ նաեւ իր պոլսահայ բարեկամութիւններուն, որոնք տարիներու ընթացքին նպաստած են, որ ինք աւելի մօտէն ճանչնայ համայնքը։ Խօսակցութեան այս բաժնի մէջ առանձնայատուկ ջերմութեամբ յիշեց մեր հանգուցեալ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը եւ նախկին փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը, որոնց հետ ունեցած բարեկամութիւնը եւ մտերմիկ շփումները իրեն համար կարեւոր կամուրջ հանդիսացած էին Պոլսահայ իրականութիւնը աւելի խորապէս հասկնալու ճամբու վրայ։

Լեւոն Լաճիկեան յիշատակեց նաեւ նորօրեայ պոլսահայութեան այն դէմքերը, որոնք իրենց աշխատանքով ու տաղանդով միջազգային ճանաչում ձեռք բերած են եւ շարունակած են աշխարհին ներկայացնել հայ մտքի ու ստեղծագործական կարողութիւններու ուժը։ Մասնաւորապէս անդրադարձաւ պոլսահայ մտաւորականներու ու մշակութային գործիչներու, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը շարունակեն լսելի դարձնել պոլսահայ համայնքի ձայնը միջազգային բեմերու վրայ։

Միաժամանակ Լաճիկեան մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հայ համայնքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն վերաբերեալ, շեշտելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ համայնքային կառոյցներու, դպրոցներու եւ մշակութային հաստատութիւններու պահպանութիւնը ազգային կարեւոր առաքելութիւն մըն է։

Ցուցահանդէսի առանցքը կը կազմեն «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» խորագրեալ պատկերագիրքին մէջ ամփոփուած գծանկարները։ Եռալեզու այս շքեղ հատորը, որ լոյս տեսած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի հրատարակչական բաժնի նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր, կը ներառէ Լաճիկեանի շուրջ հարիւր գծանկարները եւ կը ներկայացնէ Պոլսոյ պատմական ու մշակութային կոթողները՝ անոր յատկանշական գծանկարչական ոճով։

Ներկաները առիթն ունեցան դիտելու ցուցահանդէսը, շնորհաւորելու նաեւ ՀԲԸՄի Հայաստանեան կեդրոնի մշակութային բաժնի պատասխանատու Պր. Ծուլիկեանը, որ այս կարեւոր ցուցահանդէսի նախաձեռնարկներէն մէկը եղած էր։

Եւ այսպէս, հերթական անգամ Երեւանի մէջ մշակութասէրներ «հանդիպեցան» Պոլսոյ պատմութեան, հայկական մշակութային յիշողութեան եւ այն բազմադարեան ժառանգութեան հետ, որ այսօր ալ կը շարունակէ ապրիլ քաղաքի քարերուն, փողոցներուն եւ անոնց մասին պատմող գիծերուն մէջ։