Ժընեւի մէջ հոկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի հանդիպումը: Կողմերը քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը թրքական կողմին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ վերջին զարգացումները: Ան վերահաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Ալեն Սիմոնեանը թուրք գործընկերոջը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել շփումները:
Ժընեւի մէջ նաեւ նախատեսուած էր Ալեն Սիմոնեանի եւ Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հանդիպումը, սակայն այն չեղարկուած է ատրպէյճանական կողմի պատճառով։ ՀՀ Ազգային Ժողովէն յայտնած են, որ ատրպէյճանական կողմը վերջին պահուն հրաժարած է նախապէս ձեռքբերուած պայմանաւորուածութենէն։
Նշուած է նաեւ, որ հանդիպման չեղարկման պատճառներու մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը Երեւան վերադառնալէ ետք հանդէս պիտի գայ լրացուցիչ պարզաբանմամբ։