image

ԵԽԽՎ նախագահը ներառուած է Ատրպէյճանի սեւ ցnւցակին մէջ

ԵԽԽՎ նախագահը ներառուած է Ատրպէյճանի սեւ ցnւցակին մէջ

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս ներառուած է Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ մեկնաբանելով ԵԽԽՎ ղեկավարի յայտարարութիւնները:

«Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ կը դատապարտենք Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի կողմէ առաջադրուած մեղադրանքները: Մեր երկրի առաջնորդը բռնապետ անուանելն ու զայն վիրաւորելը բացարձակ անընդունելի է, այդ քաղաքական տգիտութեան ու բթամտութեան դրսեւորում է։ Ներկայիս հիսթերիք իրավիճակը վեհաժողովին մէջ, բռնապետ Ռուսոփուլոսի գլխաւորութեամբ, ցոյց կու տայ, որ ԵԽԽՎ-ին մէջ կը տիրէ ողբալի իրավիճակ։ Նմանատիպ իրավիճակ ստեղծուած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։ Ինչ կը վերաբերի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարանի որոշումներուն վերաբերեալ մեր դիրքորոշման, անհեթեթութիւն է Ատրպէյճանէն պահանջել, որ կատարէ դատարանի որոշումները՝ հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանը չէ մասնակցած այդ դատաւորներու ընտրութեան»,- ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ։ 

Անոր խօսքով՝  Թէոտորոս Ռուսոփուլոսը ներառուած է Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ, ինչպէս նաեւ ԵԽԽՎ 76 անդամներ, որոնք պաշտպանած են ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները կասեցնելու անարդար եւ իրաւաբանօրէն կասկածելի նախաձեռնութիւնը:

«Եթէ Ռուսոփուլոսը մտնէ Ատրպէյճան, ապա զինք դուրս կը շպրտենք»,- ըսած է  Այխան Հաճիզատէ։