image

Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ հարցով Վրաստանը պատրաստ չէ պայմանագիր կնքելու

Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ հարցով Վրաստանը պատրաստ չէ պայմանագիր կնքելու

Վրաստանի իշխանութիւնները պատրաստ չեն ստորագրելու ուժ չկիրառելու մասին համաձայնագիր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ, քանի որ հանրապետութիւնը արդէն իսկ յայտարարած է, որ իր տարածքային ամբողջականութեան վերականգման միակ ուղին խաղաղ ճանապարհն է։ Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն, կը հաղորդէ TASS-ը։

«Ի հարկէ, մենք պատրաստ չենք ստորագրել չյարձակելու մասին որեւէ համաձայնագիր։ Այս մէկը մեզի համար լուրջ չի համարուիր, երբ խօսքը կը վերաբերի չյարձակման։

Մենք կը յայտարարենք մէկ պարզ ճշմարտութիւն՝ որ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու միակ ուղին խաղաղ ճանապարհն է։

Մենք այս մէկը յայտարարած ենք, եւ որեւէ փաստաթուղթի կամ համաձայնագրի շուրջ բանակցելու հարց չի կրնար ըլլալ»,- ըսած է Քոպախիձէն։