image

«Ըլլալիքը Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերուն դէմ է» Զատուլին դժգոհ է 

«Ըլլալիքը Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերուն դէմ է» Զատուլին դժգոհ է 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպման ծիրէն ներս մշակուած պայմանաւորուածութիւնները չեն համապատասխաներ պաշտօնական Երեւանի շահերուն։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ Պետական Տումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Կոնստանտին Զատուլինը՝ անդրադառնալով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պատրաստուող խաղաղութեան համաձայնագրի պայմաններուն։

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ամերիկեան կողմը պատրաստած է ծրագիր մը, ըստ որու՝  կ՚առաջարկուի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի»՝ Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի հետ կապող 40 քմ երկարութեամբ փոխադրային ենթակառոյցի վերահսկողութիւնը փոխանցել մասնաւոր ընկերութեան։

«Սա ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանի համար, եթէ, ի հարկէ, խօսքը անձամբ Փաշինեանի մասին չէ, որովհետեւ ան չի մտածեր ազգային շահերու տեսանկիւնէ։ Ան կը փորձէ ինքզինք եւ Հայաստանը համարկել արեւմտեան աշխարհին՝ միաժամանակ հրաժարելով ազգային շահերէն։ Իսկ այս մէկը, անշուշտ, կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն», – ըսած է Զատուլինը։

Պատգամաւորը նաեւ ընդգծած է, որ եթէ խաղաղ կարգաւորման միջնորդութեան գինը «Զանգեզուրի միջանցքի» փոխանցումն է ԱՄՆ վերահսկողութեան, ապա այդ  իրապէս սպառնալիք է Իրանի համար։

«Սա անշուշտ կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ մասամբ նաեւ Իսրայէլի շահերէն, քանի որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրագործումը եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ միաւորումը յստակօրէն կը սպառնան ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ Իրանին», – եզրափակած է Զատուլինը։