image

ԲԴԽ նախկին նախագահ Ռուբէն Վարդազարեան 1 տարի 6 ամիս ազատազրկման դատապարտուած է

ԲԴԽ նախկին նախագահ Ռուբէն Վարդազարեան 1 տարի 6 ամիս ազատազրկման դատապարտուած է

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախկին նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը մեղաւոր ճանչցուած է պաշտօնէական դիրքի չարաշահման համար եւ դատապարտուած 1 տարի 6 ամիս ազատազրկման։ «Հակակոռուպցիոն դատարան»ը, դատաւոր Վահէ Դոլմազեանի նախագահութեամբ, անոր նաեւ 2 տարիով զրկած է պետական ու ՏԻՄ համակարգի մէջ պաշտօն զբաղցնելու իրաւունքէն։

Դատավճիռը հրապարակուած է օգոստոս 8-ին։ Ըստ մեղադրանքի՝ Վարդազարեանը, 2019-ին ԲԴԽ նախագահ եղած ժամանակ, իր պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով՝ միջամտած է Լոռիի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Անդրանիկ Սիմոնեանի կողմէ արդարադատութեան իրականացման։

Վարդազարեանը մեղադրանքը չէ ընդունած։

Ռուբէն Վարդազարեանը ԲԴԽ նախագահ ընտրուած էր 2019-ին, անոր լիազօրութիւնները դադարեցուած էին 2022-ին։ Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները պաշտօնապէս կասեցուած էին 2021-ի ապրիլ 15-ին։ Ատոր համար հիմք հանդիսացած էր արդարադատութեան խոչընդոտելու յօդուածով անոր դէմ յարուցուած քրէական գործը։