image

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ երթուղին պիտի շահագործուի Հայաստանի Օրէնսդրութեան համաձայն

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ երթուղին պիտի շահագործուի Հայաստանի Օրէնսդրութեան համաձայն

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւիրած հանդիպումը, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ, պիտի աւարտի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրմամբ, որ կը ներառէ ԱՄՆ-ի բացառիկ իրաւունքները Հարաւային Կովկասով ռազմավարական տարանցիկ միջանցքի նկատմամբ, կը հաղորդէ Reuters-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

ԱՄՆ պաշտօնեաները անանուն մնալու պայմանով Reuters-ին ըսած են, որ Սպիտակ տան մէջ կ’ակնկալուի շրջանակային համաձայնագիր՝ «խաղաղութեան յստակ ուղիի» հասնելու եւ տեւական ժամանակ քննարկուող տարանցման ուղիի հարցը լուծելու համար։

«Ատրպէյճանը խնդրած է ճանապարհային միջանցք` Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապուելու համար», – ըսած են ամերիկացի պաշտօնեաները։

Reuters կը մանրամասնէ՝ առաջնորդներուն կողմէ Ուրբաթ ստորագրուելիք փաստաթուղթի՝ մանրամասն բանակցուած բաժնին մէջ Հայաստան կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներուն տալ տարանցման միջանցքի զարգացման բացառիկ իրաւունքները՝ երկար ժամանակահատուածով։ Թէ ճիշդ քանի տարիով՝ չի յստակացուիր. կը նշուի միայն, որ այն պիտի կոչուի «Թրամփի ճանապարհ՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»: Այն յայտնի պիտի ըլլայ TRIPP յապաւումով, ըսած են պաշտօնեաները։

«Ճանապարհը պիտի գործարկուի Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, եւ Միացեալ Նահանգները հողը ենթավարձակալութեան պիտի յանձնէ համընկերութեան՝ ենթակառուցուածքներու եւ կառավարման համար»,- կը հաղորդէ Reuters-ը։ Թէ ի՞նչ համընկերութեան մասին է խօսքը՝ չէ յստակացուած։

«Առեւտրային միջոցներով իրականացուող այս քայլը պիտի բանայ տարածաշրջանը եւ պիտի կանխէ հետագայ ռազմական գործողութիւնները»,- ըսած է ամերիկացի պաշտօնեաներէն մէկը։

Պաշտօնեաները նշած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները նաեւ պիտի ստորագրեն փաստաթուղթեր, որոնցով կը պահանջուի լուծարել Մինսքի խումբը։

Reuters կը պնդէ, որ այս հարցին շուրջ յառաջընթացը սկսած է Մարտէն, երբ ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆ այցելած է տարածաշրջան։ Ըստ գործակալութեան, հետագային նաեւ Ուիթքոֆի խումբի անդամներն են քանի մը անգամ եղած են Հարաւային Կովկասի մէջ՝ համաձայնագրի կնքման նպաստելու համար։

ԱՄՆ պաշտօնեաները յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ յառաջընթացը կրնայ խթանել բանակցութիւններ, որպէսզի Ատրպէյճանը միանայ Աբրահամի համաձայնագրերուն, որոնք Թրամփի վարչակազմը կը համարէ առաջնահերթություն եւ գործիք՝ տնտեսական ու պաշտպանական համագործակցութեան խորացման համար։