image

Երկար որոնումներէ ետք.Գտնուած է 3-ամեայ Տիգրանի դին (Լուսանկար)

  Երկար որոնումներէ ետք.Գտնուած է 3-ամեայ Տիգրանի դին  (Լուսանկար)

Քանի մը օր շարունակուած որոնողական աշխատանքներէ ետք, գտնուած 3-ամեայ  Տիգրանի դին։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ հայրենի  լրատուական հարթակներէ։

 Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը

Այսօր՝ Նոյեմբեր 2-ին, քանի մը օր շարունակուած որոնողական աշխատանքներէ ետք, գտնուած է  3-ամեայ  Տիգրանի դին։

Ան կորսուած էր Գեղարքունիքի մարզին մէջ հոկտեմբեր 27-էն ի վեր, սկ դէպքը տեղի ունեցած էր Ծափաթաղ գիւղին մէջ։

Փրկարարները, պարեկները եւ ոստիկանները երեխայի դին գտնած են Ծափաթաղ գիւղին մօտակայ Ջիլ գիւղի ցուցանակէն մօտ 60 մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ դաշտամիջեան տարածքի մը մէջ։

Երեխան կ՚որոնուէր հոկտեմբեր 27-էն ի վեր։ Ներքին Գործոց նախարարութեան Ոստիկանութիւնը եւ Փրկարար ծառայութիւնը կ՚իրականացնէին ծաւալուն որոնողական աշխատանքներ։