image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Մարմարիկ գետին մէջ ողբերգականօրէն խեղդամահ եղած 2-ամեայ Տիգրանի հայրը

Մահացած է Մարմարիկ գետին մէջ ողբերգականօրէն խեղդամահ եղած 2-ամեայ Տիգրանի հայրը

Այսօր առաւօտեան մահացած է ամիսներ առաջ անհետ կորսուած, ապա Մարմարիկ գետին մէջ յայտնաբերուած 2-ամեայ Տիգրանի հայրը՝ Նորայր Պետրոսեանը։

Այս մասին յայտնած է Panorama.am-ը։

Panorama.am-ն օրեր առաջ զրուցած էր Նորայրի հետ՝ հետաքրքրուելով, թէ ինչ տեղեկութիւններ ունի Տիգրանի կորսուելու, ապա գետին մէջ մարմինը յայտնաբերելու դէպքով նախաձեռնուած քրէական վարոյթէն։ Ան միայն նշած է, որ տեղեակ է այնքանով, որքանով մամուլը կը գրէ։ 

Յիշեցնենք՝ մայիս 4-ին հաղորդուած էր, որ Մարմարիկ գիւղին մէջ կորսուած էր 2 տարեկան Տիգրանը։ Անոր մարմինը գտնուած է միայն 20 օր անց Մարմարիկ գետին մէջ։