image

«104 տարի անցաւ, սակայն ցաւօք մտածելակերպը նոյնն է». Փայլան` Էրտողանին

«104 տարի անցաւ, սակայն ցաւօք մտածելակերպը նոյնն է». Փայլան` Էրտողանին

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յայտարարութեան, ուր ան նշած էր, թէ հայերու աքսորը 1915-ին ամենաողջամիտ քայլը կրնար ըլլալ, կը գրէ «Էրմենիհապէր»ը:

Փայլան Twitter-ի իր էջին վրայ երկու գրառում ըրած է, որոնցմէ մէկը կը վերաբերուի Ապրիլ 24-ին Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին:

Առաջին գրառման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Նախագահ Էրտողան Ապրիլ 24-ի տարելիցին նախագահականին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է, որ աքսորը այդ ժամանակաշրջանին ամենաողջամիտ քայլը կրնար ըլլալ: Ան Թալէաթի, Էնվէրի, Ճեմալի ռազմական խորհուրդին կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կիրառուած քաղաքականութեան տէր կանգնեցաւ:  104 տարի անցաւ, սակայն ցաւօք մտածելակերպը նոյնն է»:

Միւս գրառման մէջ Փայլանը նշած է.

«Էրտողան երէկ հրապարակած ցաւակցական ուղերձին մէջ ըսած է. «Այս տարի ալ կը յարգեմ առաջին համաշխարհային պատերազմի պայմաններուն մէջ մահացած օսմանցի հայերուն յիշատակը»: Այս յայտարարութեան մէջ ոճրագործ չկայ: Հայ ժողովուրդը ոչնչացուած է պետութեան որոշումով: Այն ցաւակցութիւնը, որ չի բանար արդարութեան ճանապարհը, վէրքին դարման չ՛ըլլար»: