image

Հրադադարը կրնայ համաձայնեցուիլ առաջիկայ շաբաթներուն, սակայն խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք չէ ըլլայ «Ուքրանիոյ յանձնում». Մաքրոն

Հրադադարը կրնայ համաձայնեցուիլ առաջիկայ շաբաթներուն, սակայն խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք չէ ըլլայ «Ուքրանիոյ յանձնում». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զինադադարը կրնայ համաձայնեցուիլ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Ան այդ մասին ըսած է Fox News-ին՝ Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ բանակցութիւններէն ետք, գրած է bbc.com-ը:

Մաքրոնն ըսած է, որ Ուքրանիոյ հարցով որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք չէ ըլլայ «Ուքրանիոյ յանձնում» եւ պէտք է ապահովուի անվտանգութեան երաշխիքներով։ 

Ֆրանսայի ղեկավարն ըսած է, որ խօսած է 30 այլ եւրոպացի առաջնորդներու եւ դաշնակիցներու հետ, եւ անոնցմէ շատերը պատրաստ են ըլլալու Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մաս: Մաքրոնի խօսքով՝ ինք կ՚աշխատի Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ՝ տարածաշրջան զօրքեր ուղարկելու առաջարկի շուրջ:

«Չեն տեղակայուիր առաջին գիծին, ​​չեն երթար առճակատման, բայց կ՚ըլլան որոշ վայրերու մէջ, որոնք կը սահմանուին պայմանագրով: Ատոնք կը տեղակայուին՝ պահպանելու համար այս խաղաղութիւնը»,- ըսած է Մաքրոն։

Մարտական ​​գործողութիւններու դադրեցման շուրջ բանակցութիւնները, աւելցուցած է ան, կը վերաբերին «անվտանգութեան երաշխիքներուն, հողին եւ տարածքներուն»:

«Մենք արագ խաղաղութիւն կ՚ուզենք, բայց թոյլ համաձայնութիւն չենք ուզեր»,-ըսած է ան։