image

Հնդկաստանի արտաքին գործոցէն արձագանգ. «Մտադիր չենք սրել հակամարտութիւնը, սակայն...»

Հնդկաստանի արտաքին գործոցէն արձագանգ. «Մտադիր չենք սրել հակամարտութիւնը, սակայն...»

Հնդկաստանը մտադիր չէ սրել հակամարտութիւնը Փաքիստանի հետ, սակայն կոշտ պատասխան պիտի տայ, եթէ Իսլամապատը ռազմական յարձակում սկսի։ Այս մասին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարը։

«Մեր նպատակը (Փաքիստանի հետ) իրավիճակը սրելը չէ: Այնուամենայնիւ, եթէ մեր վրայ ռազմական յարձակում ըլլայ, պէտք չէ կասկած ըլլայ, որ պիտի ստանան շատ, շատ կոշտ պատասխան», -ըսած է ան Նիւ Տելիի մէջ հնդկական-իրանեան համատեղ յանձնաժողովի նիստի բացման ժամանակ:

Ճայշանքարը յիշեցուցած է, որ ապրիլ 22-ին հնդկական Ճամու եւ Քաշմիր միութեան տարածքին մէջ` Փահալկամի մէջ, խաղաղ բնակիչներու դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը «ստիպած է Հնդկաստանը պատասխանելու մայիս 7-ին՝ թիրախաւորելով անդրսահմանային ահաբեկչական ենթակառուցուածքը»։

«Մեր պատասխանը նպատակային ու հաւասարակշռուած էր»,- շեշտած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը։