image

Անգարայի մէջ. Քրտամէտ գլխաւոր ուժը՝ Էրտողանին հիւր

Անգարայի մէջ. Քրտամէտ գլխաւոր ուժը՝ Էրտողանին հիւր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, օրերս, քրտական հարցի կարգաւորման հետամուտ նախաձեռնութիւններու շրջանակներէն ներս, հիւրընկալած է քրտամէտ գլխաւոր ուժ համարուող՝ ՏԵՄ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց ՏԵՄ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։ Քրտական հարցի կարգաւորման հետամուտ նախաձեռնութիւններու շրջանակներէն ներս, վերջին անգամ 2012 թուականին Էրտողան նման շփում մը ունեցած էր՝ այս քաղաքական հոսանքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ուրեմն, տասներեք տարի անց, ան Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեսակցեցաւ ՏԵՄ-ի վարիչներէն Փերվին Պուլտանի եւ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրի հետ։ Երէկուան զրոյցը տեւեց մէկուկէս ժամ։ Նախագահ Էրտողանի կողքին էին ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն եւ ԱՔ կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Էֆքան Ալա։

ՏԵՄ-ի վարիչները մասնակցած էին՝ վերջերս ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալանի կողմէ հնչեցուած յայտնի կոչի համակարգման գործընթացին։ Փերվին Պուլտան յայտնեց, որ երէկուան հանդիպումը անցած է շատ դրական եւ գործընթացը լաւ կ՚ընթանայ։ Պեշթեփէի ժամադրութենէն վերջ ՏԵՄ-ի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ ալ նշուեցաւ հետեւեալը. «Ծայր աստիճան դրական, շինիչ, արդիւնաւէտ եւ ապագայի տեսակէտէ յուսադրիչ միջավայրի մը մէջ իրականացած է հանդիպումը։ Մեզի համար պատիւ է՝ առ ի տեղեկութիւն մեր ամբողջ երկրին յայտնել, որ այժմու փուլին առումով երէկուան բաղդատմամբ աւելի յուսադրուած ենք»։