Ժամկէտային զինծառայող Գարեգին Կամոյի Բաբակեխեանի մահուան դէպքի առթիւ երկրորդ կայազօրային քննչական բաժնէն ներս ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 360.1 յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով ՝ զինծառայողին անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելու յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործով, ՀՀ ՊՆ ՌՈ աշխատակիցներու հետ համատեղ ձեռնարկուած քննչական եւ հետախուզական միջոցառումներու հետեւանքով 03.04.2020թ.՝ ժամը 22:25-ին, ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 365-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 11-րդ կէտով յանցանքներ կատարելու՝ մարտական հերթապահութիւն կրելու կանոնները խախտելու եւ նշուած յանցանքը քօղարկելու նպատակով ապօրինաբար Գ. Բաբակեխեանը դիտաւորութեամբ կեանքէն զրկելու կասկածանքով, ձերբակալուած է վերջինիս համածառայակիցը: