Պոլսոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Պուրաք Սիւմէի հեղինակած՝ թրքական շարժանկարի առաջին կին դերասանուհի Ռոզալի Պէնլեանին եւ Ազգային Օսմանեան Օփերեթի Խումբին նուիրուած գիրքին շնորհանդէսը։
Մշակութային ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Ռոզալի Պէնլեանի կեանքն ու արուեստական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ արուեստագէտներու նշանակալի ներդրումը օսմանեան թատրոնի, երաժշտութեան եւ շարժանկարի վաղ շրջանի զարգացման մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիսին, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը Պուրաք Սիւմէի հեղինակած «Թրքական շարժանկարի առաջին կին դերասանուհին՝ Ռոզալի Պէնլեան եւ ազգային օսմանեան օփերեթի խումբը» խորագրով գիրքին, որ լոյս տեսած է «Փարոս» հրատարակչատունէն։ Մշակութային ձեռնարկը զգալի հետաքրքրութիւն ստեղծած էր եւ սրահը լեցուն էր մշակոյթի, թատրոնի, գրականութեան եւ պատմութեան սիրահարներով։
Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան զոյգ վարդապետները Հայր Սարգիս եւ Հայր Յակովբոս, Մատակարար Մարմնի ատենապետ Ռաֆայէլ-Ժոզէֆ Ալիք եւ գործակիցները, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, «Փարոս» ամսաթերթի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր։
Հանդիսավարն էր Աւետ Քելլէճի, որ ողջունեց ներկաները եւ գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։
Բացման խօսքը արտասանեց Մատակարար Մարմնի ատենապետ Ռաֆայէլ-Ժոզէֆ Ալիք։ Ան անդրադարձաւ Մխիթարեան հաստատութեան երկարամեայ կրթական ու մշակութային առաքելութեան՝ շեշտելով, որ նմանօրինակ հրատարակութիւններ կարեւոր դեր կը կատարեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։ Ան նաեւ գնահատանքով խօսեցաւ գրքի հեղինակի ու «Փարոս» հրատարակչատան մասին, յիշեցնելով որ այս միջոցառումը մաս կը կազմէ Մխիթար Սեբաստացիի 350ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին։
Յաջորդեց «Փարոս» ամսագրի հրատարակութեան տնօրէն Մայտա Սարիս, որ անդրադարձաւ գրքի տպագրութեան պատմականին։ Շեշտեց, որ այս հատորը ո՛չ միայն Ռոզալի Պէնլեանի կեանքն ու գործունէութիւնը կը լուսաբանէ, այլ նաեւ լոյս կը սփռէ օսմանեան թատրոնի, օփերեթի եւ սինեմայի վաղ շրջանի պատմութեան վրայ։ Մայտա Սարիս ներկաներուն ծանօթացուց նաեւ օրուան բանախօսները եւ բեմը թողուց անոնց։
Հրապարակային զրոյց մը կատարուեցաւ հետազօտող Մարալ Ֆուքսի համակարգումով։ Հարցում-պատասխանի ձեւով քննարկման մասնակցեցան հեղինակ Պուրաք Սիւմէ, թատրոնի եւ մշակոյթի պատմութեան հետազօտող Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ գրող ու մշակութային պատմութեան ուսումնասիրող Փընար Չեքիրկէ։ Բանախօսները անդրադարձան Ռոզալի Պէնլեանի կեանքին, անոր բեմական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայ արուեստագէտներու ունեցած նշանակալի ներդրումին Օսմանեան կայսրութեան թատերական եւ երաժշտական կեանքին մէջ։ Զրոյցներու ընթացքին օրակարգի բերուեցան թրքական սինեմայի առաջին շրջանին վերաբերող բազմաթիւ պատմական մանրամասնութիւններ, որոնցմէ շատերը երկար տարիներ անտեսուած կամ մոռցուած էին։
Մինչ բանախօսները կ'արտայայտուէին, պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Ռոզալի Պէնլեանի, Ազգային Օսմանեան Օփերեթի Խումբի եւ ժամանակաշրջանի այլ արուեստագէտներու վերաբերող արխիւային լուսանկարներ, թատերական ազդեր, մամուլի հրապարակումներ եւ պատմական նիւթեր, որոնք աւելի պատկերաւոր դարձուցին ներկայացուած պատմական շրջանը եւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներու մօտ։
Երեկոյի յատկանշական պահերէն մէկը եղաւ պատմական կրոմոֆոն մը, զոր սրահ բերած էր Աւետ Քելլէճի։ Ներկաները առիթ ունեցան այդ հազուագիւտ սարքին միջոցով ունկնդրելու Ռոզալի Պէնլեանի ձայնով պահպանուած կատարումներէն հատուածներ, որոնք մեծ յուզումով ընդունուեցան։ Տասնամեակներու խորքերէն հասնող այդ ձայնը կարծես նորոգեց օրուան գլխաւոր հերոսուհիին յիշատակը եւ առանձնայատուկ մթնոլորտ ստեղծեց սրահին մէջ։
Յայտագրի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան բանախօսներուն՝ ի նշան գնահատանքի, ապա ներկաները հրաւիրուեցան Մխիթարեան վարժարանի ճաշարան, ուր սարքուած էր ընդունելութիւն մը։ Հիւրերը հոն շարունակեցին իրենց զրոյցներն ու տպաւորութիւններու փոխանակումը, շնորհաւորելով ձեռնարկի կազմակերպիչները։
