image

«Հայաստան» դաշինք. «Արթուր Սարգսեան քաղաքական պատանդ է»

«Հայաստան» դաշինք. «Արթուր Սարգսեան քաղաքական   պատանդ է»

«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութիւն մը հրապարակած է՝ անդրադառնալով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը անփոփոխ պահելու դատարանի որոշումին։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ 30   յուլիս 2026-ին  դատարանը մերժած է Ազգային ժողովի 8-րդ եւ 9-րդ գումարումներու պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի պաշտպաններուն միջնորդութիւնը՝ տնային կալանքը վերացնելու վերաբերեալ։ Դաշինքին գնահատմամբ՝ առանց իրաւական հիմնաւորման եւ հակառակ Սահմանադրական դատարանի 2021 թուականի 7 դեկտեմբերի որոշումին, դատարանը եւս մէկ ամիսով երկարաձգած է անոր նկատմամբ կիրառուող խափանման միջոցը։

 

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այս որոշումով ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատգամաւորը զրկուած է իր սահմանադրական լիազօրութիւնները ամբողջութեամբ իրականացնելու կարելիութենէն, ինչ որ, ըստ դաշինքին, կը վնասէ ոչ միայն անոր իրաւունքներուն, այլ նաեւ Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութեան եւ ընտրողներու կամարտայայտութեան։

 

«Հայաստան» դաշինքը իր յայտարարութեան մէջ կը ներկայացնէ հետեւեալ դիրքորոշումները.

 

Արթուր Սարգսեանը քաղաքական պատանդ է, իսկ իր նկատմամբ իրականացուող հետապնդումը կը նպատակադրէ կաթուածահար ընել անոր պատգամաւորական գործունէութիւնը, լռեցնել ընդդիմադիր ձայնը եւ շարունակել քաղաքական հաշուեյարդարը։

Արթուր Սարգսեանը, «18 Արդարներու գործ»-ով անցնող բոլոր մեղադրեալները, ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքական բանտարկեալները պէտք է անհապաղ ազատ արձակուին։

Օրէնքի գերակայութեան եւ սահմանադրականութեան նկատմամբ այս, դաշինքին գնահատմամբ, աննախադէպ ոտնահարումը պիտի ներկայացուի միջազգային գործընկերներուն՝ ակնկալելով համապատասխան գնահատական։