Երէկուընէ սկսեալ զինեալ բախումները կը շարունակուին Սայտայ քաղաքի «Այն էլ Հըլուէ» գաղթակայանէն ներս: Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ բախումները սկիզբ առած են, երբ Պիլալ Արքուպի զինեալ խմբաւորումը կրակ բացած է պաղեստինեան գաղթակայանի զինուորական միացեալ խորհուրդի կեդրոնին ուղղութեամբ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ,որ Պիլալ Արքուպի որդին՝ Օպայտա Արքուպ սպաննուած է բան մը, որ աւելիով լարեց իրավիճակը:
Նշենք, որ մինչեւ այս պահը բախումները չեն դադրած Սայտայի մէջ եւ մեծ թիւով պաղեստինցի գաղթականներ բախումներուն հետեւանքով ստիպուած են լքել գաղթակայանը: