Sky News Arabic-ը յղում ընելով «Մարդու Իրաւունքներու դիտարան» ընդդիմադիր կայքին յայտարարեց, որ Դամասկոսի հարաւային շրջանին մէջ տեղի ունեցան կռիւներ՝ ընդդիմադիրներու եւ Սուրիոյ օրինական բանակին միջեւ:
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ սուրիական բանակը եւ ընդդիմադիրները զինադադար յայտարարած էին։
Ըստ աղբիւրիին՝ սուրիական բանակը կազմակերպեց օթային հարուածներ ընդդիմադիրներու թաքստոցներուն ուղղութեամբ:
Մոսկուա, որ համաձայն էր այս զինադադարին, ժխտեց օդուժի հարուածներու լուրը, բացատրելով, որ նման լուրերու նպատակն է խուճապի մթնոլորտ ստեղծել:
Նշենք որ Դամասկոսի հարաւային շրջանը միակ շրջանն է, որ 2013-էն ի վեր գտնուի ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ: