image

Զինադադարի խախտում Դամասկոսի հարաւային շրջանին մէջ

Զինադադարի խախտում Դամասկոսի հարաւային  շրջանին  մէջ

Sky News Arabic-ը   յղում ընելով «Մարդու Իրաւունքներու դիտարան»   ընդդիմադիր կայքին    յայտարարեց, որ Դամասկոսի հարաւային շրջանին մէջ տեղի ունեցան  կռիւներ՝ ընդդիմադիրներու եւ Սուրիոյ  օրինական բանակին  միջեւ:

Նշենք,  որ շաբաթ մը  առաջ  սուրիական բանակը  եւ ընդդիմադիրները զինադադար յայտարարած էին։ 

Ըստ  աղբիւրիին՝ սուրիական բանակը կազմակերպեց օթային հարուածներ ընդդիմադիրներու   թաքստոցներուն     ուղղութեամբ:  

Մոսկուա, որ համաձայն  էր  այս զինադադարին, ժխտեց օդուժի հարուածներու լուրը,  բացատրելով, որ  նման լուրերու նպատակն է  խուճապի  մթնոլորտ  ստեղծել:

Նշենք որ Դամասկոսի հարաւային շրջանը միակ շրջանն է,  որ 2013-էն   ի վեր գտնուի ընդդիմադիրներու  տիրապետութեան   տակ: