Փամփուշտը, որ դիպուկահար քիւրտ կնոջմէ ընդամէնը քանի մը միլլիմեթր հեռուէն կը սուրար, կը մխրճուի վերջինիս գլխավերեւի պատին մէջ՝ հրաշքով փրկելով անոր կեանքը:
Ըստ տարածուած տեղեկութիւններու, փամփուշտը արձակուած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն մէկուն կողմէ:
Դէպքէն ետք մահէ փրկուած քիւրտ դիպուկահարը կուշտ ու կուռ խնդալէ ետք կը հեռանայ պատուհանէն եւ դէպքը նկարահանողին հետ երկխօսութեան կը սկսի:
