image

«Ժպտացող քրտուհին». Կամ ինչպէս փրկուեցաւ քիւրտ կին դիպուկահարը

«Ժպտացող քրտուհին». Կամ ինչպէս փրկուեցաւ քիւրտ կին դիպուկահարը
«Թուիթըր»ի էջերուն Համզէ անունով օգտատիրոջ կողմէ տարածուած է տեսագրութիւն մը, ուր ռաքքացի քիւրտ դիպուկահարը հրաշքով կը փրկուի մահացու կրակոցէ:

Փամփուշտը, որ դիպուկահար քիւրտ կնոջմէ ընդամէնը քանի մը միլլիմեթր հեռուէն կը սուրար, կը մխրճուի վերջինիս գլխավերեւի պատին մէջ՝ հրաշքով փրկելով անոր կեանքը:

Ըստ տարածուած տեղեկութիւններու, փամփուշտը արձակուած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն մէկուն կողմէ:

Դէպքէն ետք մահէ փրկուած քիւրտ դիպուկահարը կուշտ ու կուռ խնդալէ ետք կը հեռանայ պատուհանէն եւ դէպքը նկարահանողին հետ երկխօսութեան կը սկսի: