image

Ինչպէս միշտ Եգիպտոս պիտի օժանդակէ Կազային

Ինչպէս միշտ Եգիպտոս պիտի օժանդակէ Կազային

Եգիպտոսը 500 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ իսրայէլեան օդուժի հարուածներէն ետք Կազան վերականգնելու համար, յայտնած է նախագահի աշխատակազմը:

ՄԱԿ մարդասիրական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Կազայի մէջ գրեթէ 450 շէնքեր աւերուած են կամ ծանր վնասուած են, որոնց շարքին՝ 6 հիւանդանոցներ եւ բժշկաառողջապահական առաջնային օգնութեան 9 կեդրոններ, կը հաղորդէ Reuters-ը:

Եգիպտական ընկերութիւնները պիտի մասնակցին վերականգնման աշխատանքներուն, ըսուած է Փարիզի մէջ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլայի հանդիպման աւարտին եղած յայտարարութեան մէջ:

ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէն շնորհակալութիւն յայտնած է Սիսիին անոր ներդրման եւ Եգիպտոսի միջնորդական ջանքերու համար, որոնք կ'արտացոլեն երկրի «ազգային նուիրուածութիւնը Պաղեստինի հարցին»: