Սուրիոյ պաշտօնական հեռուստատեսութիւնը՝ իր բնուդագրմամբ՝ բացայայտած է «յատուկ եւ կարեւոր» տեղեկութիւն մը, «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի եւ ռուսական կողմի միջեւ Տումայի մէջ ընթացող բանակցութիւններու շուրջ:
Աղբիւրի համաձայն, կողմերու միջեւ տարակարծութեան գլխաւոր կէտը՝ Արեւելեան Ղութայէն դուրս գալէն ետք իսլամական բանակի զինեալներու առնելիք ուղղութիւնն է, որոնք կը մերժեն Իտլիպ անցնիլ եւ փոխաարէնը կը պահանջեն իրենց տեղափոխել դէպի Քալամոն:
Տումայի մէջ «սպասուած հաշտութեան» կարեւորութիւնը, ըստ աղբիւրին, կը կայանայ տեղի ժողովուրդը յառաջիկայ մարտերէն զերծ պահելու մէջ, որ համեմատած Ղութային միւս քաղաքներուն մէջ վերջին շաբաթներուն ընթացած բախումներուն՝ պիտի ըլլայ շատ թէժ եւ վտանգաւոր: