image

Ծառուկեան. Եթէ ժողովուրդը կ'ուզէ՝ ընտրութիւնները ըլլան դեկտեմբերին, մենք ալ կ'ուզենք (Տեսանիւթ)

Ծառուկեան. Եթէ ժողովուրդը կ'ուզէ՝ ընտրութիւնները ըլլան դեկտեմբերին, մենք ալ կ'ուզենք (Տեսանիւթ)

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը «Ուրուագիծ» հաղորդման եթերին անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ընթացիկ տարուան դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու որոշման, յայտարարած է, որ եթէ «ժողովուրդն ուզում է, որ ընտրութիւնները լինեն դեկտեմբերին, իր ուժն էլ է ուզում»:

Ան հաւաստիացուցած է, որ ինքը եղած է ու պիտի ըլլայ Թաւշեայ յեղափոխութեան կողմնակիցը: Կուսակցութեան նախագահը յայտարարած է նաեւ, որ իր ուժը որեւէ կապ չունի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւորները կողմ քուէարկած են ՀՀԿ-ական պատգամաւորներ Արփինէ Յովհաննիսեանի, Վահրամ Պաղտասարեանի, Անդրանիկ Յարութիւնեանի հեղինակած «ԱԺ կանոնակարգ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ ու լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին: Անկէ ետք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր հրաւիրած հանրահաաւքին ժամանակ յայտարարած է, որ պաշտօններէն կ'ազատէ բոլոր ԲՀԿ-ական ու ՀՅԴ-ական նախարարները ու մարզպետները։