image

Զաւէն Անդրիասեան՝ Հայաստանի Ճատրակի 2016-ի Ախոյեան

Զաւէն Անդրիասեան՝ Հայաստանի Ճատրակի 2016-ի Ախոյեան

Artsakhpress.am-ը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 2016-ի ճատրակի ախոյեան հռչակուած է Զաւէն Անդրիասեանը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Հայաստանի Ճատրակի Բարձրագոյն խումբի 76-րդ առաջնութեան 11-րդ մրցոյթին, Զաւէն Անդրիասեանն սեւերով ոչ ոքի խաղացած է յետնապահ Նորայր Թորոսեանի հետ եւ 8 միաւորով գրաւած էր առաջին տեղը: Երկրորդ տեղը գրաւած է Ռոպերթ Յովհաննիսեանը 7.5 միաւորով, իսկ  3-4-րդ տեղերը բաժնած Արման Փաշիկեանն ու Սամուէլ Տէր-Սահակեանը հաւաքեցին 6.5-ական միաւոր:

Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը չպաշտպանելով՝ Կարէն Գրիգորեան 4 միաւորով գրաւած էր 10-րդ տեղը: