Կիւլէն Գոճայեան
Ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի դէմքիս վրայ ու կը յամենայ:
Ո՛վ չի սիրեր մանկութեան օրերը յիշել, մանաւանդ դպրոցական օրերը՝ անվերադարձ երջանկութեամբ լեցուն անմեղ օրերը, եւ ո՛վ չ՚ուզեր մանկանալ…
Ժպիտով կը յիշես ուրախ պատահարները, անակնկալ դէպքերը, եւ դարձեալ ժպիտով կը վերյիշես դառն ու ցաւալի պահերը։ Արցունքը աչքերուդ սիրտդ կը ցաւի ու խորունկէն «Օ՜ֆ» մը կը քաշես, թերեւս սիրտդ հովանայ։
Այդ տարին տուներնիս այրեցաւ[1]։ Հայրս գիւղէն գործ գտած էր, եղանակն ալ ամառ ըլլալով յարմար նկատեց այրած տունէն մեր գիւղ փոխադրուիլը։ Ատի մեզի համար ձեւով մը ամառանոց ալ պիտի ըլլար։ Սակայն, ժամանակը թաւալեցաւ եւ վրայ հասաւ ձմեռը ու մենք մնացինք գիւղը։
Տան միակ աշխատող ձեռքը հայրս էր ու ամէն ինչ սկսած էինք զէրոյէն, այսինքն դժուար էր ամէն բան։ Շատ չանցած վերամուտն ալ թակեց մեր դուռը եւ մենք չորս դպրոցական մանուկներ չէինք կրնար մնալ առանց դպրոցի, որքան ալ դժուար ըլլային պայմանները։ Կը յիշեմ ծնողքիս շուարած վիճակը՝ նախ, գիւղի ձմեռը քաղաքի ձմրան չէր նմաներ, հոս ձիւն, կարկուտ, փոթորիկ կար ու ձմրան պաշար, տաքուկ վերարկու… Բայց Աստուած մէկու մը անօգնական չի ձգեր։ Շնորհիւ բարեսիրտ կրթական մշակներու, ես ու եղբայրս առիթը ունեցանք յաճախելու Զահլէի Պալըքճեան վարժարանը՝ շրջանի միակ հայկական դպրոցը։ Շատ լաւ կը յիշեմ արձանագրութեան համար դպրոց մեր այցելութիւնը, որովհետեւ սիրալիր ընդունելութեան արժանացած էինք պարոն տնօրէնին եւ օրուան հոգաբարձութեան կողմէն։ Կարեւորը առանց դպրոցի չմնայինք։
Առաջին հանգրուանը անցած էինք՝ դպրոց պիտի կարենայինք յաճախել։ Կու գար դպրոց յաճախելուն յաջորդ հանգրուանը՝ պէտք ունէինք գիրքի ու գոգնոցի։ Դասագիրքերը տրամադրեցին եւ փոխադրամիջոց ապահովեցին մեզի համար։ Իսկ Պալըգճեան վարժարանի գոգնոցը ես կարողացայ հագնիլ, դասընկերներու նման, շնորհիւ տիկին Երեցեանին՝ տնօրէնին տիկնոջ, որ սիրայօժար կերպով ինծի համար կարեց իմ դպրոցական տարազս՝ բան մը, որ մինչեւ հիմա յուզումով եւ հիացմունքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշեմ։
Պալըգճեանի օրերուս կը յիշեմ իմ ամենաշատ սիրած ուսուցիչիս՝ պարոն Աշըգեանի դասապահերը՝ հայոց պատմութիւն եւ հայերէն լեզու։ Մինչեւ օրս պահած եմ իմ շարադրութեանս տետրակը եւ հայոց պատմութեան իր նօթերը։
***
Ամավերջի հանդէս։
Այդ օրերուն հանդէսը մեծ եւ կարեւոր հանգրուան մըն էր աւարտողներուն համար՝ նոր հագուստ, նոր կօշիկ՝ այդ ալ ճերմակ… Օ՜ այդ օրը ամէն աշակերտի համար երազային էր (մեր օրերուն) եւ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք հանդէսին։
Մեր դժուարին պայմաններուն մէջ թէ՛ ես ու թէ ծնողքս կը խուսափէինք այդ երազային օրուան մասին խօսելէ, ինչպէ՞ս պիտի բեմ ելլէի ես… Դարձեալ օգնութեան հասաւ տիկին Երեցեանը, եւ անգամ մը եւս իր սիրալիր ձեռքերով գնեց ու կարեց իմ հանդէսի հագուստս… Կրնա՞ս երեւակայել այդ օրուան եւ այդ պահուն իմ զգացած յուզումս…
Բնականաբար ուրիշ անգամներ դարձեալ տարբեր առիթներով բեմ ելած ու վկայական ստացած եմ, բայց Պալըգճեանի վկայականիս չափ չեմ յուզուած։ Անկարելին կարելի դարձած դպրոցական տարի մը ապրեցայ եւ մանկութեան շրջանիս ամէնէն անուշ եւ տաքուկ վկայականը առի։
Այլեւս կը զգայի կեանքի դժուարութիւններուն եւ մնաք բարով մանկութիւն…
Ժպիտով եւ երախտագիտութեան շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կրկին Պալըգճեան վարժարանի այդ օրուան հոգաբարձութեան, պարոն տնօրէն Յովսէփ Երեցեանին եւ տիկին Երեցեանին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուս։
Ողջերուն կեանքը երկար, իսկ մահացողներուն՝ մոմ եւ խունկ իրենց յիշատակին։
[1]Գարանթինայի տուներուն այրելուն կ՚ակնարկեմ