Մատենադարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան միջեւ տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող կապերը ստացան նոր թափ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Լիզպոնի իր կեդրոնատեղիին մէջ հիւրընկալեց Մատենադարանի տնօրէն Դոկտ. Արա Խզմալեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ վերահաստատելու երկու հաստատութիւններու միջեւ առկայ սերտ գործակցութիւնը եւ քննարկելու յառաջիկայ նորարարական ծրագիրները։
Օրուան յագեցած յայտագիրը ներառեց շարք մը կարեւոր հանդիպումներ եւ շրջայցեր։ Տեղի ունեցաւ հանդիպում Հիմնարկութեան նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժոյի հետ, քննարկուեցան ռազմավարական գործակցութեան հեռանկարները։
Պատուիրակութիւնը այցելեց Կիւլպէնկեան Թանգարանի ձեռագրերու բաժինը՝ ծանոթանալու հոն պահուող բացառիկ նմոյշներուն։
Ջերմ հանդիպում տեղի ունեցաւ Փորթուգալի հայ համայնքի անդամներուն հետ։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը տասնամեակներ շարունակ սատարած է Մատենադարանի առաքելութեան՝ հայ միտքի եւ աւանդութեան պահպանման գործին մէջ։
Եթէ անցեալին համագործակցութեան խորհրդանիշն էր «Մատենագիրք Հայոց» բազմահատոր մատենաշարի հրատարակութիւնը, ապա այսօր այն կը թեւակոխէ արդիականացման փուլ։ Վերջին շրջանին հիմնարկութեան օժանդակութիւնը կեդրոնացած է հետեւեալ ուղղութիւններով.
Թուային Քարտէսագրութիւն. Հայկական գրչօճախներու մասին փոխներգործուն (interactive) քարտէսներու ստեղծում։
Առցանց Հարթակ. Գրադարանի առցանց համակարգուած մայր ցուցակի (OPAC) մշակում եւ գործարկում։
