image

Իսրայէլ նոր հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւին

Իսրայէլ նոր հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւին

Իսրայէլեան ուժերը մարտ 31-ին հարուածներ հասցուցած են հարաւային Լիբանանի շարք մը տարածքներու։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը։

Գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իսրայէլեան բանակը հրատապ նախազգուշացում ուղղած է Լիբանանի՝ Զահրանի գետէն հարաւ գտնուող բնակիչներուն՝ լքելու իրենց բնակավայրերը։

«Հըզպալլա»-ն իր կարգին յայտարարած է, որ թիրախաւորած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին գտնուող իսրայէլեան Միսկաւ Ամ բնակավայրի ռազմական անցակէտը, ինչպէս նաեւ Մաալոթ Թարշիհա բնակավայրին մէջ գտնուող հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը։

Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը նաեւ յայտնած են, որ մարտ 30-ին Լիբանանի հարաւին մէջ տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններու ընթացքին չորս իսրայէլացի զինուոր զոհուած է, իսկ եւս երկուքը՝ վիրաւորուած։