Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ աւարտած է բռնցքամարտի Սթրանճայի միջազգային մրցաշարը: Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը՝ 64 քկ քաշային Յովհաննէս Բաչկով, եզրափակիչին յաղթած է Պուլկարիան ներկայացնող Այրին Իսմէթովին եւ նուաճած ոսկէ մետալ: Այս մասին «Panorama.am»ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆէտէրացիայի լրատուութեան բաժինը:
Հեղինակաւոր այս մրցաշարին Հայաստանը ներկայացուցած են 9 բռնցքամարտիկներ: