Մոսկուա- (Rusia T.V.)- Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Սու 24»ի վարբերումէն ի վեր, Գրէմլին շփոթ կ'ապրի այդ արարքի պատճառներու բացատրութեան մէջ, որ ռուսական շրջանակներու կողմէ ընդունուած եղաւ կոչել կռնակէն եկած դաւաճանական հարուած:
Ի տարբերութիւն լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական վերլուծաբան փորձագէտներու մեկնաբանութիւններուն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ռազմական դաշնակիցի մակարդակով գործընկերոջ արարքին խելամիտ բացատրութիւն մը չկարենալով գտնել, զայն «միայն Աստուածոյ իմացութեան» վերագրելով, կէս կատակ կէս լուրջ յայտարարեց, որ սա թերեւս Աստուածոյ կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեանը մտային շնորհքներէ զրկելու պատիժն էր, իր գործած մեղքերուն համար:
Փութին կը կարծէ, որ Աստուած մթաքնած ըլլալու է Էրտողանի խոհեմութիւնը, որ ան նման քայլի դիմեց հարուածելով իրեն հետ պատերազմող բարեկամ երկրի օդանաւը, որուն հետ հսկայ ծրագիրներ նախատեսած էր: Փութին նշած է, որ պիտի չբաւարարուի լոլիկի ներմուծումը դադրեցնելով, ան կը սպառնայ այնպիսի միջոցներու դիմել, որ Թուրքիան հազար անգամ ափսոսայ իր ըրածին, որուն շարքին կրնայ ըլլալ նոյնիսկ Էրտողանի կողմէ չակնկալուած ռազմական գործողութիւններու գործադրումը:
Բացատրութեան եզր դարձաւ նաեւ այն, որ թերեւս Թուրքիոյ նախագահը տակաւին կը կարծէ, թէ բոլոր խաղաքարտերը «քեռի Սէմին» ձեռքն է, եւ Անգարա չի կրնար ամերիկեան ուժին համարժէք այլ ուժի մը ներկայութիւնը նկատել, որ այս պարագային կը հանդիսանայ՝ Ռուսիան:
Հարցեր, որոնց պատասխանները թերեւս մօտ ապագային կը պարզուին, երբ Մոսկուա կ'որոշէ համապատասխան հարուած տալ իր օդանաւի վարբերմանը, անշուտ՝ ոչ լոլիկ արձակելով: