image

Լաւրով մեկնաբանած է Էրտողանի Շուշի այցը

Լաւրով մեկնաբանած է Էրտողանի Շուշի այցը

Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի այցը Շուշի՝ յայտարարելով, որ վերջինիս այցը կայացած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու շրջածիրէն ներս, գրած է minval.az-ը։

«Այսօր մենք Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ պայմանաւորուած ենք, որ իւրաքանչիւրս պէտք է իր հնարաւորութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաշտեցման ջանքերուն աջակցելու, անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի հայերն ու ատրպէյճանցիները այդ հողին վրայ միասին ապրին որպէս լաւ հարեւաններ: Այդ ժամանակ մենք վստահ ենք, որ բոլոր հարցերը, այդ շարքին՝ քաղաքական, աւելի հեշտ կ'ըլլայ լուծել։ Կը կրկնեմ՝ մեր համագործակցութեան լրացուցիչ ուղղութիւնը այդ տարածաշրջանին մէջ փոխադրային, հաղորդակցային եւ տնտեսական կապերու վերականգնումն է։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ տարածաշրջանի զարգացման 3 + 3 համագործակցութեան ձեւաչափի վերաբերեալ առաջարկը դրական արձագանգ ստացած է։ Մենք այսօր ալ այդ մասին խօսած ենք։ Ես կը կարծեմ՝ առաջին անգամ լաւ ծրագիրներ ունինք։ Վերստին կը յայտարարեմ, որ մենք գոհ ենք հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան շուրջ արդիւնաւէտ համագործակցութենէն»,- յայտարարած է Լաւրովը։