Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատը Twitter-ի իր էջին արձագանգած է Պոլոսյ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դիմաց աղբ թափելու եւ ազգայնական գրառում կատարելուն։
Հայկօ Բաղտատը գրած է․ «Նախընտրական շրջանին հայկական եկեղեցիներու դէմ յարձակումները սովորական երեւոյթ դարձած են։ Մէկուն հարցնես, կ'ըսէ՝ «Էրկենեքոնն» է, միւսին հարցնես՝ քաղաքական իսլամն է։ Բայց միշտ ալ կ'ըլլան ասանկ բաներ․․»։
Նշենք, որ Պոլսոյ Քատըքիոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դիմաց անյայտ անձ մը կամ անձիք աղբ թափած եւ գրած էին․ «Էրզրում․ Սա մեր հայրենիքն է»։
Դէպքի հետ կապուած հետաքննութիւն սկսած է։